2012-11-01 12:07:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը` Ամենայն Սրբոց Տօնին Օրը


Հինգշաբթի մէկ Նոյեմբեր 2012, տօն Ամենայն Սրբոց` ըստ լատինաց, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կէսօրին, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Ամենայն Սրբոց տօնը մեզ խորհրդածել կու տայ մարդկային կրկնակի հորիզոնի մասին, որ խորհրդանշական կերպով երկիր ու երկինք կը կոչենք։ Երկիրը կը ներկայացնէ պատմական ուղեւորութիւնը, երկինքը յաւիտենականութիւնը, կեանքի լիութիւնը Աստուծոյ մէջ։
Այսպէսով այս տօնը մեզի մտածել կու տայ Եկեղեցւոյ կրկնակի ծաւալին։ Ժամանակաւոր եկեղեցին ու Երկնային Երուսաղեմի եկեղեցին, որ անվերջ տօնակատարութեան մէջ է։ Այս երկու իրողութիւնները միացած են Սուրբերու Հաղորդութեան միջոցաւ։ Իրողութիւն մը որ սկիզբ կ՛առնէ հոս երկրի վրայ եւ իր լիութիւնը կը ստանայ երկնքի մէջ։ Սուրբերը իրենց կենցաղով ցոլացուցին Յարուցեալի լոյսը։
Հետեւելով անոնց օրինակին մենք եւս քալենք դէպի երջանկութեան թագաւորութիւնը ուր Աստուած պիտի սրփէ մեր աչքերուն արցունքները եւ մենք պիտի կարենանք զինք տեսնել։ Սուրբերու մէջ մենք կը տեսնենք սիրոյ յաղթանակը եսասիրութեան եւ մահու վրայ. կը տենեսնք թէ Քրիստոսի հետեւիլը մեզի կը տանի կեանքի յաւիտենական կեանքին եւ իմաստ կու տայ մեր ներկային որով զայն կը լիցանէ սիրով ու յոյսով։
Միայն յաւիտեանկան կեանքի նկատմամաբ մեր հաւատքը մեզի կը սիրցնէ պատմութիւնը ու ներկան։
Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը բարեխօսէ մեզի համար ու ընդունի շնորհքը հաւատալու յաւիտեանական կեանքին եւ մենք մեզ զգալու ննջեցեալներուն հետ հաղորդութեան մէջ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու բոլորին մաղթելով բարի Ամենայն Սրբոց Տօն, ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.